2009-09-10 13:06:43

կրօնաբարոյական հարցեր` «Բայց Վեր Չնայեցա՛ր…»


կրօնաբարոյական հարցեր` «Բայց Վեր Չնայեցա՛ր…»



Գողերուն խուզարկու նայուածքները, առհասարակ հորիզոնական ուղղութիւն կ՛ունենան: Անոնք յատկապէս իրենց գործողութեան սկսելէ առաջ, մէյ մը աջ, մէյ մը ձախ կը դառնան՝ բայց այդ աջին ու ձախին միջեւ գտնուող ամբողջ շրջանակը մանրազննին քննութենէ անցընելով: Անոնց զգացած վախը, մէյ մը սեփականատիրոջ վրայ հասնելէն կու գայ, եւ մէյ մըն ալ՝ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուելէն:

Կը պատմուի, թէ քաղաքի մը մէջ կ՛ապրէր վաստակաշատ գող մը, որուն վրայ միայն կասկածներ ունէին քաղաքի բնակիչներ, առանց օր մը զինք արարքի վրայ բռնել կրցած ըլլալու: Այնքան վարպետութեամբ ան կը յաջողէր բանալ մեծահարուստ վաճառականներուն խանութները, եւ այնպիսի ժամու, երբ ոչ ոք կը տեսնէր զինք կամ կրնար հասնիլ զայն ձերբակալելու: Ու այսպէս, թաքնուած կը մնար ան, իր կործանարար արարքներուն ետին:

Պատահեցաւ որ օր մը ան, դարձեալ գտած յարմար ժամը եւ առիթը՝ գնաց քաղաքի գոհարավաճառին փակ խանութը՝ իր պատրաստած գործիքներով բանալու համար անոր կղպանքները: Ըստ իր սովորութեան, իր խորաթափանց աչքերով, ան մէյ մը աջ ու մէյ մըն ալ ձախ կողմը նայեցաւ, ու երբ տեսաւ, թէ պահը ապահով է իր նպատակը իրագործելու, սկսաւ իր աշխատանքին: Սակայն յանկարծ լսեց մանուկի մը ձայնը, որ կ՛ըսէր.

- Բայց վեր չնայեցա՛ր…:

Մեծապէս ցնցուելով այդ մանկական ձայնէն, յատկապէս գիշերուան խոր լռութեան մէջ, փախուստի դիմելէ առաջ գողը անգամ մը վեր նայեցաւ՝ տեսնելու համար, թէ ո՞ր մէկ պատուհանէն զինք տեսած էր այդ մանուկը: Բայց զարմացաւ, երբ տեսաւ, թէ բոլոր պատուհաններն ալ փակ էին, իրենց արտաքին փեղկերով միասին…:

Եւ ձայնը կրկնուեցաւ…: Այն ատեն գողը զգաց, որ այդ մանկական ձայնը վերի պատուհաններէն չէր գար, այլ՝ իր ներսիդիէն՝ խիղճէն: Այո՛, խիղճին ձայնը «վերէն կու գայ», որովհետեւ Աստուծոյ ձայնն է մեր մէջ: Գողը վաղուց չէր լսած այդ «վերին ձայնը», որ իր մէջ մանուկ տարիքին տրուած քրիստոնէական դաստիարակութեան արձագանգն էր: Անոր կեանքէն վաղուց ջնջուած էր գլուխը դէպի վեր՝ դէպի Աստուած, բարձրացնելու ունակութիւնը, ինչպէս նաեւ զայն խոնարհեցնելով՝ հեզաբար աղօթելու սովորութիւնը: Սակայն, տարիներ ետք անիկա ետ կը վերադառնար իրեն, մանկական ձայնով, որ մարդկային հոգիին բիւրեղեայ մաքրութեան խորհրդանիշն է:

Կեանքի մէջ մարդոց կատարած գողութիւնները միայն նիւթեղէն գոյքերու եւ ինչքերու դէմ չեն, այլ նաեւ ուղղուած են բարոյական «կառոյցներու»՝ վիրաւորելով մարդկային հոգին, սիրտը եւ միտքը: Նման «գողութիւններ» ըրած ժամանակ, ոմանք կը մոռնան անգամ մը «վեր նայելու»՝ խղճին ձայնը լսելու համար: Շատեր ամենայն ճարպիկութեամբ իրենց շուրջը կը քննեն, վատ արարք մը ի գործ դնելէ առաջ հազար ու մի հաշուարկումներ կը կատարեն, բայց կը մոռնան անգամ մըն ալ «վեր նայելու»:

Մարդ էակին համար մեծագոյն յոյսը այս կեանքին համար այն է, որ իւրաքանչիւր անձ, անպայման իր կեանքին մէջ օր մը պիտի լսէ մանկական այդ ձայնը, որ զինք պիտի սթափեցնէ՝ ըսելով.

- Բայց վեր չնայեցա՛ր…:








All the contents on this site are copyrighted ©.